ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան կենսական աղբիւրներու կառավարման գործակալութեան պետ Արտաշէս Զիրոյեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, ՀՀ պետական պիւտճէի եւ վերակառուցման զարգացման եւրոպական դրամատան կողմէ յատկացուած 257 միլիոն դրամի ծիրէն ներս, շուտով կը սկսին մաքրուիլ Սեւանայ լիճի ջուրին տակ անցնող շուրջ 600 հեքթար անտառատարածքներ:
Նշեալ գումարին շրջանակով, զուգահեռաբար պիտի վերականգնին լիճի աւազանին գիւղատնտեսական, բնապահպանական հողերը եւ խախտուած անտառատարածքները: Պիտի կարգաւորուին «Սեւան» ազգային պարկի բնական պաշարները եւ պիտի իրականացուի անտառային աղբիւրներու հաշուառում, պիտի բարեկարգուին նաեւ Սեւանայ լիճի ջրահաւաք աւազանին մէջ գործող աղբավայրերը եւ պիտի ստեղծուին նորերը: Աշխատանքները պիտի աւարտին տարեվերջին:
Ա. Զիրոյեանի հաւաստումով, Սեւանայ լիճի անտառատարածքներուն մաքրութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանելու նպատակով, «Սեւան» ազգային պարկին մէջ արդէն իրականացած է ծառատունկ՝ սալորի, կեռասի, ծիրանի եւ խնձորի 6000էն աւելի ծառերու:
Նշենք, որ պետական պիւտճէի եւ «Կլոպալ» մաքրման հիմնադրամին կողմէ յատկացուած 198 միլիոն դրամի ծիրէն ներս, «Սեւան» ազգային պարկին մէջ 2005-2008ին մաքրուած են ջուրին տակ անցնող 405 հեքթար անտառատարածքներ եւ հիմնուած են նորերը: