ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 28ին հեռախօսազրոյց մը ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թ. Էրտողանը: «ԱՊԱ» գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ եւ քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր:
Ատրպէյճանի մէջ գործող Թուրքիոյ դեսպանատունէն յայտնած են, թէ վարչապետ Էրտողան Ալիեւին տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին: Նոյն աղբիւրին համաձայն, վարաչապետը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարին եւ անոր տեղակալին յանձնարարած է Ատրպէյճանի նախագահին ներկայացնել տարածաշրջանին մէջ իրադարձութիւններու զարգացման իրավիճակը եւ այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ դիրքորոշումները. այդ նպատակով Սեպտեմբեր 1ին անոնք պիտի մեկնին Պաքու: