ՊԱՔՈՒ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Օգոստոս 30ի «իֆթար»ի արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ձեռք բերուած տեղաշարժները նպատակաուղղուած քաղաքականութեան արդիւնքն են:
«Կրնամ ըսել, որ բանակցային գործընթացին մէջ մեր ջանքերը արդէն կու տան իրենց առաջին արդիւնքները։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կրնայ ապրիլ բարձր ինքնավարութեան կարգավիճակով՝ միասնական Ատրպէյճանի հանրապետութեան ծիրէն ներս: Այսօր այս սկզբունքները որպէս հիմք կը ծառայեն: Մենք միշտ ըսած ենք եւ այսօր նոյնպէս կ՛ըսենք, որ հարցը կրնայ լուծուիլ միայն փուլ առ փուլ: Բոլոր շրջանները յաջորդաբար պիտի ազատուին, մեր հայրենակիցները պիտի վերադառնան այդ շրջանները: Այնտեղ պիտի վերականգնուի ողջ ենթակառուցուածքը, եւ յաջորդ փուլով պիտի սահմանուի Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակը: Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը, բնականաբար, պէտք է կարգավիճակ ունենայ, սակայն մենք այդ կարգավիճակը չենք տեսնէր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն դուրս եւ երբե՛ք ատոր հետ չենք համաձայնիր», յայտարարած է Ալիեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.