ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՍԴՀԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինը եւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնեն, թէ վերջերս հանդիպում մը տեղի ունեցած է երկու մարմիններուն միջեւ, ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Փասատինայի կեդրոնէն ներս: Մօտ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննուած են հայութիւնը յուզող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են Արցախի հիմնահարցի եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքը, յատկապէս վերջինիս ունեցած բացասական անդրադարձը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն վրայ:
Շեշտուած է նաեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս լոս անճելըսահայութեան վերաբերող հարցերու կապակցութեամբ: Առ այդ, որոշուած է երկամսեայ հանդիպումներ ունենալ՝ համատեղ ծրագիրներ մշակելու հեռանկարով: