ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին, Շաբաթ, Օգոստոս 22ին, գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Էրիք Նազարեանի «The Blue Hour» շարժապատկերին ցուցադրութիւնը:
Հանդիսավարն էր գրադարանի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանը, որ ներկայացուց բեմադրիչը:
Ցուցադրութենէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Նազարեանին, որ տուաւ ֆիլմին ու անոր արտադրութեան մասին բացատրութիւններ:
Նաեւ, Գրիգորեան Նազարեանին յանձնեց Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեանէն գնահատագիր մը, իսկ Կլէնտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին անունով, այլ գնահատագիր մը յանձնեց բեմադրիչին: