ՊԸՐՊԷՆՔ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս պիտի ներկայացուի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ վաստակաշատ եկեղեցական՝ Դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի նոր աշխատանքներէն մէկը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Աստուածաբանութիւն՝ Հայց. Առաքելական Ողղափառ Եկեղեցւոյ» («The Armenian Apostolic Church in Recent Times»), որ հրատարակուած է հայերէն եւ անգլերէն առանձին հատորներով:
Զոյգ հատորները հրատարակուած են 2009ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդութեան կողմէ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Երեկոյթին գիրքը պիտի ներկայացուի հեղինակին կողմէ: Ձեռնարկը բաց պիտի ըլլայ հասարակութեան: