ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 19ին աւարտած է այս տարուան իր ամառնային վարժողական ծրագիրը, երբ ծրագրին մասնակիցները իրենց գործունէութեան մասին համապարփակ զեկուցումներ ներկայացուցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեանց, շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբերու վարչականներուն, Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժերու ցանցին, համայնքային ուղեկից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն եւ անցեալի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն: Հաւաքը կազմակերպուած էր Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
«Վարժողական ծրագրի մասնակիցները հոյակապ էին այս ամառ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ստանձնեց քանի մը աշխատանք եւ յաջողեցաւ իրականացնել զայն, սկսելով համայնքային զարգացման ու հասնելով մինչեւ դրամահաւաքի, լրատուամիջոցներու հասնելու եւ կրթական ծրագիրներ մշակելու աշխատանքներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու համակարգող Հայկ Յովսէփեանը, որ կը վստահեցնէ, թէ վարժողական ծրագիրը պատրաստած է տեղական Հայ Դատի յանձնախումբերուն մէջ գործելու պատրաստ կամաւորներու նոր խումբ մը:
Յունիս 15ին սկսած այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագրի մասնակիցներն էին՝ Քոլէթ Ղազարեան (Ֆուլըրթընի «Թրոյ» երկրորդական վարժարանէն), Յովսէփ Հաճիպէքեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն), Սրբուհի Կարապետեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն), Նարէ Քիւփէլեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղէն), Լորէն Շէնեան (Կլէնտէյլ քաղաքի համալսարանէն), Ռազմիկ Խալայեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն) եւ Էլիզապէթ Մըքինթայըր (Փոմոնայի «Քալ Փոլի» համալսարանէն):
Ղազարեան եւ Հաճիպէքեան իրենց գործունէութիւնը կեդրոնացուցած էին հանրային ու մամլոյ հետ յարաբերութեանց մարզերուն վրայ, Կարապետեան, Շէնեան եւ Քիւփէլեան՝ համայնքային եւ կառավարական յարաբերութեանց վրայ, իսկ Խալայեան ու Մըքինթայըր՝ վարչական ու զարգացման ծրագիրներու վրայ:
Իրենց անհատական ու խմբային աշխատանքներուն կողքին, ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակիցները մասնակցեցան նաեւ շաբաթական աշխատանիստերու, սեմինարներու եւ դասախօսութիւններու, ինչպէս նաեւ այցելեցին «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանն ու «Ասպարէզ» օրաթերթին գրասենեակները, Փոքրիկ Հայաստանի մէջ:
2006ին հաստատուած վարժողական այս ծրագրին կեդրոնը Կլէնտէյլ էր, սակայն ծրագրին մասնակիցները օժանդակեցին զանազան շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութեանց գործունէութեանց: