ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ բանակը յայտնեց, որ Կիրակի, Օգոստոս 30ին, հարաւարեւելեան Թուրքիոյ Հաքքարի նահանգին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ զինեալներու հետ բախումի մը ընթացքին առնուազն չորս թուրք զինուորներ սպաննուած են։ Զոհերէն մէկը սպայ մըն էր, իսկ մնացեալ երեքը՝ տասնապետներ:
Նահանգապետ Մուաամար Թիւրքէր յայտնեց, որ քիւրտ զինեալներ զինուորներու վրայ ձեռնառումբ մը նետած են, անկէ ետք զինեալ ընդհարում մը սկսած է։ Ան ըսաւ, որ այդ յարձակումէն ետք օդուժի օժանդակութեամբ գործողութեան մը ձեռնարկուած է զինեալներուն դէմ։
Յարձակումը կը զուգադիպէր Թուրքիոյ ազգային տօներէն մէկը հանդիսացող Յաղթանակի տօնին, որ կը նշէ 1919-1922 թուականներուն Յունաստանի դէմ պատերազմին արձանագրուած յաղթանակը։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ յարձակումին նպատակը կառավարութեան քրտական նախաձեռնութիւնը կանխարգիլելու փորձ մըն է, սակայն աւելցուց, որ այդ ծրագիրը ընթացքի մէջ է եւ զայն կասեցնելը անկարելի է: