ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Երկուշաբթի, Օգոստոս 31ին «անբարոյական» նկատեց Իրաքի այն ամբաստանութիւնը, թէ՝ Դամասկոս պատասխանատու է Իրաքի մէջ յարձակումներուն, եւ անգամ մը եւս Պաղտատէն պահաջնեց փաստեր ներկայացնել։
Ասատ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիասի հետ Դամասկոսի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Մինչ Սուրիա իրաքցիներու սպանութեամբ կ՛ամբաստանուի, ան 1.2 միլիոն իրաքցիներ կը պատսպարէ: Այս ամբաստանութիւնը անբարոյական ամբաստանութիւն մըն է»: Ան աւելցուց, որ երբ Սուրիա առանց փաստի ահաբեկչութեամբ կ՛ամբաստանուի, ապա այդ ամբաստանութիւնը «իրաւաբանական որեւէ տրամաբանութենէ դուրս կը մնայ»։
Իրաք եւ Սուրիա անցեալ շաբաթ իրենց դեսպանները փոխադարձաբար տուն կանչեցին, երբ Պաղտատ պահանջեց, որ Դամասկոս Պաղտատի մէջ շուրջ 100 զոհ պատճառած ականահարումներ ծրագրողները յանձնէ Իրաքի։
Կիրակի օր Իրաք սփռեց խոստովանութիւնը «Քայիտա»ի մէկ անդամի մը, որ սուրիական գաղտնի սպասարկութիւնը ամբաստանեց, թէ ճամբարի մը մէջ իրեն նման զինեալներ կը մարզէ ու զանոնք Իրաքի մէջ ճակատելու կը ղրկէ։
Իրան այս ամբաստանութեանց լոյսին տակ կոչ ուղղեց Իրաքի եւ անոր դրացիներուն միջեւ բանակցութիւններ կատարելու, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Իրաք եւ Սուրիա այցելեց՝ ջանալով մեղմացնել ծագած տագնապը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.