ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէն Երկուշաբթի, Օգոստոս 31ին իրանեան լրատուամիջոցները ամբաստանեց հիւսիսային Եմէնի մէջ կառավարական ուժերու դէմ ճակատող շիի ըմբոստներու կողմնակցելու յանցանքով: Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Ապուպաքր Քիրպի յայտնեց, որ կանչած է Եմէնի մօտ Իրանի դեսպանը՝ զգուշացնելով, որ լրատուամիջոցներուն ոճը «մեր եւ Իրանի երկկողմանի շահերուն չի ծառայեր»:
Եմէն կը պնդէ, թէ ըմբոստները արտերկրէն նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան, առանց անուն նշելով։ Ըմբոստները կը պատկանին շիիներու մէկ աղանդին։ Անոնք յայտնած են, որ սէուտական պատերազմական օդանաւեր զիրենք ռմբակոծած են։ Սէուտական Արաբիան Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալէհի գլխաւոր դաշնակիցը կը նկատուի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը հերքեց իրանեան մեղսակցութեան մասին լուրերը եւ կոչ ուղղեց տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու։
Եմէնցի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, թէ ըմբոստները կ՛ուզեն 1960ական թուականներուն տապալած շիիական պետութիւնը վերականգնել, մինչ ըմբոստները կը յայտնեն, թէ իրենք յաւելեալ իրաւունքներ կ՛ուզեն:
Կը հաղորդուի, թէ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց փոխնախարարին դէմ անցեալ շաբթուան մահափորձ կատարողը Եմէնէն մուտք գորածած էր Սէուտական Արաբիա։