Մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր, եթէ ոչ աւելի երկար ժամանակէ, աշխարհը կլանուած է տնտեսական տագնապի ոլորապտոյտին մէջ. տագնապ, որ իր տարբեր դրսեւորումներով ու արտայայտութիւններով կը ծանրանայ, կը բռնանայ աշխատաւոր մարդոց վաստակին վրայ, այսօրուան ու վաղուան անորոշութիւններով կը ճնշէ անոնց ապրուստին ու ապագայի հաշիւներուն վրայ։
Եթէ մօտիկ անցեալին վէճ կար (առաւելաբար շինծու վէճ), թէ՝ դրամատիրութեան բիրտ կիրարկումը եւ «ազատ շուկայի դրութիւն»ը բաժին ունէին նման տագնապներու ծաւալումին մէջ, ապա այսօր, դրամատնային տագնապները, օրէնքի հովանիին տակ կատարուող չարաշահումներն ու այս բոլորին գինը սահմանափակ եկամուտով աշխատողին գրպանէն գանձելը դարձած են բարձրաղաղակ իրականութիւններ։
Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա, Արեւելեան աշխարհ ու Հարաւային Ամերիկա, ծիրին մէջ առնելով մեր մայր հայրենիքը՝ Հայաստանի պէս նորանկախ երկիրներ, բռնուած են միեւնոյն աղբիւրէն բխող ու տարածուող բազմերես ու համայնակուլ տագնապին մէջ։ Տեղի կ՛ունենան լուրջ ու մակերեսային, երբեմն ալ իրականութիւնները ծածկել փորձող քննարկումներ, վերլուծումներ, ստեղծուած աքցանը թուլցնելու միտող փորձեր, սակայն նաեւ՝ այս թաւալքը ետդարձի մէջ դնող, մարդկութեան համար աւելի արդար աշխարհի մը վերականգնումին ձգտող շարժումներ, պայքարի դաշտերու մշակում։
Բարեշրջման ճիգերուն մէջ, հետզհետէ աւելի՛ ուժեղ լուսարձակներու տակ կը բերուին ընկերվարական գաղափարաբանութեան ու անոր կիրարկման ճիգերը, թէեւ այս հունը իրեն դիմաց կը գտնէ քարոզչական հակազդեցութիւնը, մասնաւորաբար՝ Միացեալ Նահանգներու պէս դրամատիրութեան միջնաբերդերու վարիչներուն ու անոնց լծակից մամուլին. զանգուածներու ուղղակի եւ անուղղակի թելադրանք կ՛ըլլայ հեռու մնալու ընկերվարութենէն եւ անոր կիրարկման փորձերէն, իբրեւ թէ ընկերվարութիւնը ի՛նք ըլլար այս չարիքին աղբիւրը, պատճառն ու ամբողջական պատասխանատուն։
Տակաւին, երբ քարոզչութիւն կը կատարուի ընկերվարութեան դէմ, մարդոց ուղեղներու ալիքներուն վրայ հաւասարութեան նշան մը կը զետեղուի Ընկերվարութեան ու Համայնավարութեան միջեւ. մինչդեռ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է. ընկերվարութիւնը, ամէնէն պարզ բառերով, այն ընթացքն է, որ Զարթօնքի դարաշրջանէն ի վեր, կը ձգտի արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ ազատութիւն (իր ամէնէն լայն իմաստով) կիրարկել մարդկային ընկերութեան մէջ, կը ձգտի զանգուածները ազատագրել ամէն տեսակի չարաշահումէ, անիկա կը կատարուի պետական մեքենաներու թէ անոնց լծակից դարձած հարստահարող ընկերութիւններու կողմէ։ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու ժողովուրդներ այսօր կը վայելեն այս դրութեան ընծայած բարիքներէն…
Այս հարցերու քննարկման համար, մեր ժողովուրդը քանի մը շաբաթէն յատուկ ու հազուադէպ առիթ մը պիտի ունենայ մեր գաղութի երկինքին տակ։ 18-19 Սեպտեմբերին, Կլէնտէյլի մէջ տեղի պիտի ունենայ երկօրեայ սեմինար մը, որուն ընթացքին, մասնագէտներ զեկուցումներով ու քննարկումներով պարզաբանումներ պիտի կատարեն աշխարհն ու մեր հայրենիքը իր գլաններուն մէջ բռնած տագնապին ու պատճառներուն՝ Դրամատիրութեան բերած չարիքներուն մասին։
Համագումարին բացումը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ (Harvard փողոցին վրայ), ապա պիտի շարունակուի Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին, Glendale Community College-ի յարկին տակ, առաւօտեան ու յետմիջօրէի նիստերով։ Զեկուցաբերներուն շարքին են միջազգային ճանաչում վայելող մտաւորական ու հանրածանօթ դասախօս Մայքըլ Փարենթի, Մերիլէնտի համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Կար Ալփերովից, ինչպէս նաեւ հայրենի մտաւորական ու քաղաքական գործիչ Արա Նռանեան եւ ուրիշեր. (կ՛առաջարկենք հետեւիլ համագումարին մասին մամլոյ հաղորդագրութեանց ու ծանուցագիրներուն)։
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով է, որ նման համագումար կը կազմակերպուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի Կազմակերպական յանձնախումբին կողմէ, հայ եւ ոչ-հայ մտաւորականներու, մասնագէտներու եւ դասախօսներու մասնակցութեամբ։
Սոյն համագումարները պիտի կազմակերպուին «Հայութիւնը եւ Յառաջադէմ Քաղաքականութիւն»ը ընդհանուր խորագիրին տակ՝ ապահովելով համապատասխան մամլոյ աղբիւրներու (ինչպիսին է «KPFK» ձայնասփիւռի կայանը) գործակցութիւնը։
Վստահ ենք, որ մեր հանրութիւնը ու յատկապէս երիտասարդութիւնը պիտի չփախցնէ այս առիթը ու մասնակից պիտի ըլլայ համագումարի քննարկումներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.