Արեւմտեան թեմին համար, Բարեկենդան Ս. Խաչի պահոց տօնը աւանդաբար մեր Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներու արձանագրութեան օրն է, իսկ Կիրակի, Սեպտեմբեր 13ը, Խաչվերաց տօնը, մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտն է։
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5ին, միօրեայ լսարան-հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչներուն եւ ուսուցիչներուն համար, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Լսարան-հաւաքի աշխատանքներու վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի կողմէ պիտի փոխանցուին վերամուտի կազմակերպչական աշխատանքները, եւ ուսուցիչներուն պիտի ներկայացուի տարեկան ուսումնական ծրագիրը։
Կիրակնօրեայ դպրոցներու լսարան-հաւաքը կը զուգադիպի Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ ամսական դրութեամբ տեղի ունեցող հերթական Ս. պատարագին։ Առաջնորդին տնօրինումով, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5ի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի մատրան մէջ։