Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարանները Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերի առաւօտուն պաշտօնապէս պիտի վերաբանան իրենց դռները եւ ուսումնական 2009-2010 տարեշրջանը սկիզբ պիտի առնէ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ թեմի հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ, վերամուտը պիտի կատարուի աղօթքով եւ բացման արարողութիւններով։
Կարգ մը վարժարաններ վերամուտը նշեցին աւելի կանուխ՝ Հինգշաբթի, Օգոստոս 27ին։
Առաջնորդ սրբազան հայրը Սան Ֆրանսիսքօ մեկնեցաւ եւ նախագահեց Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին վերամուտի հանդիսութեան։ Սրբազան հօր կ՛ընկերանային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը՝ Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարանդ Գասպարեան եւ այլ անդամներ։
Իրագործուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը. ծնողները եւ աշակերտները առիթ ունեցան ծանօթանալու վարժարանի նոր տնօրէնուհիին՝ Կրէյս Անտոնեանին, եւ Մանկամասուրի վարիչին՝ Ռուբինա Գասպարեանին։
Առաջնորդը իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց վարժարանի տնօրէնութեան, պատկան մարմիններուն, ուսուցչակազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներուն։
Վարժարանի Ուսումնական մարմինին կողմէ խօսք առաւ նաեւ Ժիրայր Սարգիսեանը։
Այս առիթով, աշակերտները Ս. հաղորդութիւն ստացան հոգեւոր հայրերուն ձեռամբ։ Այնուհետեւ, առաջնորդը այցելեց դասարանները եւ աշակերտներուն ծանօթացուց հայր Վաղինակը, որ այս տարի կրօնք պիտի դասաւանդէ վարժարանէն ներս։