ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին վրացի երեք սահմանապահներու դիակները գտնուած են Վրաստան-Թուրքիա սահմանին մօտերը, հաղորդեց Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան սահմանապահ ոստիկանութիւնը՝ ճշդելով նախապէս հաղորդուած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն՝ միջադէպը տեղի ունեցած է Վրաստան-Հայաստան սահմանին վրայ: Սահմանապահ ոստիկանութեան տուեալներով, սահմանային դիրքի վրայ կը գտնուէին չորս սահմանապահներ, որոնցմէ երեքին դիակները գտնուած են, իսկ չորրորդը անհետացած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.