ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Սեպտեմբեր 1ին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն սպայական աւանին մէջ նշուած է 30 ընտանիքի բնակարանամուտը:
Տօնակատարութեան ներկայ եղած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Զինեալ Ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, հրամանատար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ բարձրաստիճան այլ հիւրեր:
30 սպաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն բնակարաններ յանձնելէ ետք, Արցախի նախագահին առաջարկով, նորակառոյց շէնքի բացման կարմիր ժապաւէնը հատած են բնակարաններուն փոքրիկ տէրերը:
Ըստ թեմի առաջնորդին, բնակարանամուտը յաղթանակ է եւ նոր նուաճում այդ սպաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար. իսկ փոխարէնը՝ բանակի սպաները պէտք է աւելի լաւ կերպով ծառայեն իրենց հայրենիքին։
Տօնակատարութեան աւարտին հիւրերը շրջած են եռայարկ շէնքի բնակարանները եւ ծանօթացած ստեղծուած յարմարութիւններուն: