ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 2ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, թրքագէտ Յակոբ Չաքրեան յայտարարած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն գլխաւոր եւ առաջին արդիւնքը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիա մեկնիլն է, որպէսզի ներկայ գտնուի Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլային խաղին: Ըստ թրքագէտին, նախագահին Թուրքիա այցելութենէն ետք, որոշ բաներ պիտի յստականան, եւ հնարաւոր պիտի ըլլայ կռահել, թէ հետագայ քայլերը ինչպէ՛ս պիտի ըլլան։
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ստորագրուելէ ետք արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին խորհրդարաններուն կողմէ, ինչին մասին Յ. Չաքրեան նշած է. «Թուրքիայի խորհրդարանի երկու կուսակցութիւնները դէմ են լինելու, Էրտողանի կուսակցութեան շարքերում էլ դէմ արտայայտուողներ կը լինեն: Մեզ մօտ հնարաւոր է աւելի հեշտ անցնի, բայց մեզ մօտ էլ այլ խնդիրներ կան»:
Ըստ անոր, արձանագրութիւններուն նախապատրաստման նախաձեռնողները հայկական կամ թրքական կողմերը չեն, այլ միջազգային ուժերը՝ Եւրոմիութիւն, ԱՄՆ: «Քանի որ Հայաստանն ու Թուրքիան չեն կարողանում լուծել իրենց խնդիրները, միջազգային կառոյցներն էլ, իրենց շահերից ելնելով՝ փորձում են դա անել», ըսած է թրքագէտը: Ըստ Չաքրեանի, սակայն, ակնյայտ է, որ այս արձանագրութիւններուն շնորհիւ, Հայաստանն ու Թուրքիան պիտի ձերբազատին միջազգային ուժերու ճնշումներէն:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ նշուած փաստաթուղթերու հրապարակման յաջորդող արձագանգներուն՝ Յ. Չաքրեան ըսած է, թէ անոնք տարաբնոյթ են, եւ թէ Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ վարչապետ Էրտողանը դաւաճանութեամբ՝ յիշեցնելով, որ ան նախապէս յայտարարած էր, թէ հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի, երբ կարգաւորուի ղարաբաղեան հիմնահարցը, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ դաւաճանութեամբ կը մեղադրուի Թուրքիան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.