ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլու Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին յայտարարեց, թէ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի անմիջական հսկողութեան տակ պիտի մշակուի «Հայկական արձանագրութեանց» հետ առնչուող խորհրդակցական ծրագիրը։ Վարչապետը անձամբ պիտի որոշէ, թէ ովքե՞ր պաշտօնի պիտի կոչուին այս գործընթացին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի կատարուին վեց շաբաթեայ փուլի ընթացքին առնուող քայլերը, եւ այլն։
Գործընթացին մէջ խորհրդակցական հանդիպումներու նախապատուութիւնը պիտի տրուի քաղաքական կուսակցութեանց, գլխաւորաբար՝ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններուն։ Վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու, ակադեմական շրջանակներու եւ առաջատար հաստատութիւններու հետ պիտի մէկտեղուին՝ հասարակաց քննարկումներ կատարելու համար։
Իշխանութիւնները պիտի փորձեն բացատրել Թուրքիոյ քաղաքական նկատառումներն ու օգուտները, զանց չառնելով սակայն այս նիւթին շուրջ ազգային զգայնութիւնները։
Միւս կարեւոր կէտը, որ կը ներկայացուի մամուլին կողմէ, այն է, որ արձանագրութիւնները կրնան առանց խորհրդարանի վաւերացման ստորագրուիլ։ Վեց շաբաթ ետք, ֆութպոլի ազգային խումբերու մրցումի նախօրեակին, արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին, որմէ անմիջապէս ետք պիտի ներկայացուին նախ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, իսկ ապա՝ խորհրդարանին։
Դիւանագիտական կարգ մը աղբիւրներ կը շեշտեն, որ կառավարութիւններ ստիպողութիւն չունին այսպիսի արձանագրութիւններ խորհրդարանի քուէարկութեան ներկայացնելու։ Բայց տրուած ըլլալով, որ ասիկա պետական ծրագիր մըն է ու ազգային հարց մը, թրքական կողմը փափաքած է հայերուն հետ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ խորհրդարանի զօրակցութիւնը ստանալ։
Միւս կողմէ, վարչապետ Էրտողան Չորեքշաբթի օր կոչ ըրաւ, որ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները վստահին իրարու։ «Այդ վստահութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք բերել։ Կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ վաղուան օրը աւելի պայծառ ու բարօր պիտի ըլլայ։ Մեր ժողովուրդը հզօր ժողովուրդ մըն է, սակայն չ՛անդրադառնար իր զօրութեան», ըսաւ վարչապետը։
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը յայտնեն, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին պիտի չզօրակցին, եթէ «հայկական ուժերը Լեռնային Ղարաբաղէն չհեռանան»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.