ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կիպրոսի խորհրդարանի հայազգի նախագահ Մարիոս Կարոյեանը, որուն հետ քննեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Սլէյման մաղթեց, որ Կիպրոս շարունակէ գործակցիլ Լիբանանի հետ եւ զօրակցիլ անոր, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան։
Իր կարգին, Կարոյեան շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է ամրապնդել երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ որդեգրել այնպիսի միջոցներ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւել՝ նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են՝ ժողովրդային, խորհրդարանական թէ կառավարական մակարդակներու վրայ։
Հանդիպումէն ետք Կարոյեան յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կիպրական հարցին կապուած մանրամասնութիւններ։ Ան աւելցուց, որ Կիպրոս նեցուկ կը կանգնի պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին։
Աւելի ուշ, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, խորհրդարանին մէջ ընդունեց Կիպրոսի իր պաշտօնակիցը՝ քննելով լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ ներկայութեամբ երեսփոխան Բագրատունիի։