ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղղուած նամակով մը, Քոնկրէսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոն եւ Մարք Քըրք շնորհաւորած են Արցախի ժողովուրդը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան 18րդ տարեդարձին առիթով, Սեպտեմբեր 2, 1991ը նկատելով պատմական օր մը դէպի ազատութիւն ճամբայ ելած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար:
Երկու քոնկրէսականներ Սեպտեմբեր 2, 2009 թուակիր նամակին մէջ շեշտեցին, թէ Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը արդէն իսկ յատկանշական քայլեր առած են ազատ եւ ժողովրդավար պետութիւն մը հաստատելու իրենց նպատակին հասնելու համար՝ պաշտանելով իրենց ինքնորոշման իրաւունքը:
Անոնք նաեւ յոյս յայտնած են, որ հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու գործընթացը յաջողութեամբ կը պսակուի եւ՝ «Արցախի դրօշակը հպարտօրէն կը ծածանի աշխարհի տարածքին»: