ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահութեան արտաքին յարաբերութեանց գրասենեակի ղեկավար Նովրուզ Մամատով Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին «Էյ.Էն.Էս.» կայանին յայտնեց, որ նախքան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի բացումը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով որոշ յառաջդիմութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Յիշեցնելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի այն խոստումը, թէ՝ Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբացուի, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման մէջ «յառաջդիմութիւն չարձանագրուի», Մամատով յայտնեց. «Կարեւորը այն է, թէ Անգարա իր խոստումը պիտի յարգէ՞, թէ ո»չ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի շահերուն դէմ որեւէ քայլ չառնէ, նշելով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցումը կը հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն: