ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ Մարտին Պենիամին Նեթանիահուի վարչապետ ընտրուելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննուեցան պաղեստինեան տնտեսութիւնը վերականգնելու միջոցները։
Իսրայէլի փոխվարչապետ Սիլվան Շալոմի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան տնտեսութեան նախարար Պասէմ Խուրիի միջեւ տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան պաղեստինցի առեւտրականներու Իսրայէլ մուտքի դիւրացման, իսրայէլեան միսի եւ պաղեստինեան կաթնեղէնի արտադրութիւններու դէպի Արեւմտեան Ափ ու Իսրայէլ արտածման, նաեւ Իսրայէլի մէջ պաղեստինցիներու բժշկական հոգատարութիւն ստանալու թոյլատուութեան հարցերը։ Խուրի յոյս յայտնեց, որ քննարկումները արդիւնաւորուին եւ պաղեստինեան տնտեսութիւնը աճ արձանագրէ։ Կողմերը համաձայնեցան իրենց հանդիպումները շարունակել։
Միւս կողմէ, Նեթանիահու յայտնեց, որ ան կը ձգտի «տնտեսական խաղաղութիւն» հաստատել պաղեստինցիներուն հետ, որովհետեւ «բարգաւաճումը կը նուազեցնէ վայրագութեան վտանգները»։ Նշենք, որ անցեալ շաբաթ երկու կողմերը յայտնեցին, թէ հակառակ ապօրինի բնակեցման վայրերու կառուցման աշխատանքները սառեցնելու պահանջները մերժող իսրայէլեան կեցուածքին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, շատ հաւանաբար, տեսնուի Նեթանիահուի հետ։