ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն ներս, Սեպտեմբեր 2ին տեղի ունեցած է նախարար Արմէն Գրիգորեանի եւ Հայաստանի ճիւտոյի դաշնութեան նախագահ Ալեքսան Աւետիսեանի հանդիպումը՝ Ատրպէյճանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ազատ Ռահիմովի, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի ճիւտոյի դաշնութեան նախագահ եւ հասարակական ապահովութեան նախարար Ֆիզուլի Ալեքփերովի հետ:
Հայաստանի ճիւտոյի դաշնութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, հանդիպման մասնակցած են նաեւ Եւրոպայի ճիւտոյի դաշնութեան նախագահ Սերկէյ Սալաւէյչիք եւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչ Եւրայիմ Զինկըր:
Հանդիպման նպատակը եղած է՝ Հայաստանի իշխանութիւններէն անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալ Սեպտեմբեր 11-13ին, Երեւանի մէջ կայանալիք Ճիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան մրցումներուն մասնակցող Ատրպէյճանի խումբին համար: Այս առնչութեամբ ստորագրուած է յուշագիր մը եւ հայկական կողմը պաշտօնապէս ստանձնած է հիւրերուն անվտանգութեան ապահովումը:
«Ինչպէս նախօրօք նշել ենք, մենք յօժարակամ, հիւրընկալ ազգի պէս կ՛ընդունենք մեր հիւրերին, անկախ ազգային եւ կրօնական պատկանելութիւնից:
Նման յուշագրերը միայն մեր երկրի առաւելութեան մասին են խօսում, ու սա եւս մէկ ապացոյց է, որ Սեպտեմբերին կայանալիք Ճիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդների առաջնութիւնը կազմակերպւում է բարձր մակարդակով ու մեր պետութեան բարձր հովանու ներքոյ», հանդիպման ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի ճիւտոյի դաշնութեան նախագահ Ալեքսան Աւետիսեան:
Կողմերը նաեւ քննարկած են կազմակերպչական որոշ հարցեր:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 11-13ին, Երեւանի մէջ կայանալիք Ճիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան մրցումներուն, բացի Ատրպէյճանէն, պիտի մասնակցին նաեւ 39 երկիրներ՝ ներառեալ Հայաստան: