ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրախանութը կը տեղեկացնէ, թէ մինչ հայերէն գիրքերու երեք ակումբները կը շարունակեն իրենց հանդիպումները, անգլերէն առաջին հատորին՝ Արիս Ճանիկեանի «Bloodvine»ի քննարկումը արդէն իսկ աւարտած է ու յառաջիկայ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին, պիտի սկսին Նէնսի Աղպապեանի «Me as her again: True Stories of an Armenian Daughter» հատորին նուիրուած քննարկումները՝ Աթինա Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի օրերը, ժամը 7:30ին (Սեպտեմբեր 8ին ու 22ին, նաեւ Հոկտեմբեր 4ին ու 18ին): Առաջին հանդիպումին մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կարդալ հատորին առաջին հինգ բաժինները: Արձանագրուելու համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէն: «Ապրիլ» գրախանութին հասցէն է՝ 415 E. Broadway #102: