Հինգշաբթի, 27 Օգոստոսի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի «Գիր Կեանքի» հատորին շնորհահանդէսը։
Հանդիսավարն էր Մուսա լերան հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ փրոֆ. Վահրամ Շէմմէսեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը։
Հեղինակին գործը ներկայացուց Սարգիս Մահսէրէճեանը. ան անդրադարձաւ գիրքին բաժիններուն ու բովանդակութեան, նշելով, որ անիկա մէկտեղումն է ոչ միայն հեղինակին մտածումներուն, խորհրդածութիւններուն ու վերլուծումներուն, այլ զինք ու ամբողջ մարդկութիւնը, նաեւ հայը յուզող հարցերուն, որոնք ժամանակակից են ու միաժամանակ, կու գան անցեալի հնագոյն ժամանակներէն ու մարդուն պիտի ընկերանան նաեւ ապագային։ Ան դրուատիքով անդրադարձաւ այս ձեռնարկի կազմակերպիչ միութեան աշխատանքին, նշելով, որ սոյն միութիւնն է նաեւ գիրքին հրատարակութեան մեկենասը։
Իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր։ Գիրքէն ընթերցումներ կատարեց Սեւակ սրկ. Քէնտիրճեան, իսկ երաժշտական բաժինով ելոյթ ունեցան «Element» խումբէն երեք անդամներ։
Սրտի խօսք արտասանեց հեղինակը։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան արտայայտութիւններով ողջունեց առաջնորդը, կազմակերպիչ միութիւնը եւ յայտագիրին մասնակցիները, ապա, ան խօսեցաւ այս գիրքի յղացքին տուն տուող շարժառիթներուն մասին, եւ որոշ մտածումներ բաժնեկցեցաւ ներկաներուն հետ։
Առաջնորդը փոխանցեց իր օրհնութեան եւ սրտի խօսքը։ Ան վեր առաւ այն իրողութիւնները, թէ տէր հօր գիրքը հոգեկան պեղումի ու ինքնաքննարկումի հատոր մըն է, որ միաժամանակ ինքնաքննութեան կը հրաւիրէ ընթերցողն ու առհասարակ մարդկութիւնը։ Առաջնորդը նաեւ կանգ առաւ գիրքի բովանդակութեան այն բաժիններուն վրայ, որոնք կը բխին ազատութեան, հաւատքի ու հայութիւնը յուզող հարցերէն. վերջաւորութեան, ան փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։
Պաշտօնական յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։