ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ, Քալիֆորնիա.- Թանգարանը հանրութեան տարբեր լոյսի տակ ցոյց տալու փորձով, եւ հաւանաբար, խանդավառուած թանգարանի մը փակումէն ետք տեղի ունեցող ենթադրեալ կացութեան մասին վերջին քանի մը տարիներուն արտադրուած «Գիշերը՝ թանգարանին մէջ» շարժապատկերներով՝ Սանթա Անայի մէջ գործող «Տիսքավըրի սայընս սէնթըր» գիտական թանգարանը այս տարի որոշած էր շարադրական մրցում մը կազմակերպել: Լաւագոյն 10 շարադրութիւններուն հեղինակները իրաւունք պիտի ունենային իրենց հետ առաւելագոյնը երեք հիւրեր թանգարան տանելու՝ հոն հետաքրքրական գիշեր մը անցնելու համար:
Մրցոյթը շահողներէն մէկն էր Փասատինայի «Յովսէփեան» վարժարանէն տասնամեայ Մեղեդի Մանոյեանը, որ Ուրբաթ, Օգոստոս 28ի երեկոյեան թանգարան հասաւ իր ծնողքին ու եղբօրը հետ, իւրայատուկ գիշեր մը անցընելու հեռանկարով:
Թանգարանին պատասխանատուները հետաքրքրական ծրագիր մը պատրաստած էին իրենց շուրջ 40 հիւրերուն համար: Իւրայատուկ այս հաւաքին օրէնքները բացատրելէ ետք մասնակիցները առիթ ունեցան այցելելու երկյարկանի թանգարանին զանազան բաժինները, յատկապէս նոր բացուած մարդամեքենաներու յատկացուած եւ տարբեր մարզաձեւերու միջոցաւ գիտական տեղեկութիւններ փոխանցող հետաքրքրական բաժինները:
Ապա, կազմակերպիչները կենսոլորտի հաւասարակշռութեան մասին երկու ներկայացումներով շեշտեցին երկրագունդի հիմնական չորս տարրերուն՝ արեւին, ջուրին, հողին ու օդին կարեւորութիւնը, որոնց վրայ կառուցուած է բոյսերու, բուսակեր եւ մսակեր անասուններու բուրգը, միաժամանակ գործնականապէս ցոյց տալով, որ այդ կառոյցին մէջ որեւէ խախտում, որուն պատասխանատուն սովորաբար մարդ արարածն է, բոլորին վրայ բացասականօրէն կ՛ազդէ:
Ապա, աշակերտները մասնակցեցան գիտական փորձի մը՝ քանի մը քիմիական նիւթեր իրարու խառնելով, խաղի խմորներ պատրաստելով:
Գիշերը, անոնք «Night at the Museum» շարժապատկերը դիտելէ ետք, քնացան թանգարանի յարկին տակ, իսկ յաջորդ առաւօտ, դարձեալ կենսոլորտի ապականացման վնասներուն մասին պատրաստուած հետաքրքրական այլ կարճ շարժապատկեր մը դիտելէ ետք, թանգարանին զանազան բաժինները այցելեցին ու ապա հեռացան թանգարանէն՝ առիթ ընծայելով անոր «սովորական» այցելուներուն, որ վայելեն զայն: