Կիրակի, Օգոստոս 23ի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագեց եւ քարոզեց Պըրպէնքի առաջնորդարանէն ներս: Ս. պատարագի ընթացքին, առաջնորդը սարկաւագ ձեռնադրեց երկու երիտասարդներ՝ Վարդան Զաքարեան եւ Կարէն Պալ: Երկուքն ալ հաւատքով ու նուիրումով կը ծառայեն Պըրպէնքի եւ Քոսթա Մէսայի ծուխերէն ներս: