ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Գնալը Կղզիին մէջ «Կամք Հայախօսութեան» խմբակը ամառնային շրջանին յանձն առաւ մեծ աշխատանք մը՝ հայ մանուկները իրենց Մայրենիին ընտելացնելու համար։
Այսպէս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն, շաբաթը երկու օր, 5-12 տարեկան մանուկներ՝ թիւով 80 հոգի, այցելեցին Գնալըի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ սրահը, ուր անոնց համար կազմակերպուեցան խաղեր եւ խաղերու միջոցաւ հայերէնախօսութեան վարժութիւններ։ Այս գործունէութեան, «Կամք Հայախօսութեան» անդամներուն օժանդակ հանդիսացած էին մանուկներուն ծնողները: Կատարուած աշխատանքներուն իր յիշատակելի բաժինը բերած էր փորձառու մանկապարտիզպանուհի Մարիամ Էօզտէմիրճի, որ զանազան խաղերու միջոցաւ փոքրերուն մօտ, բացի ընկերասիրութեան եւ միասնականութեան ճաշակը զարգացնելէ, արծարծած էր նաեւ իրենց Մայրենին սիրելու եւ իրենց Մայրենիով արտայայտուելու փափաքը։
Ուրբաթ, 28 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ սոյն աշխատանքներու եղանակին փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին աշակերտներ ծպտեալ տարազներով եկեղեցի ժամանեցին իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, մասնակցեցան խաղերու, պարեցին, զուարճացան եւ աւարտին հիւրասիրուեցան ծնողներու կողմէ պատրաստուած ճոխ սեղաններու շուրջ։
Այս առթիւ, «Կամք Հայախօսութեան» գլխաւոր անդամներէն Մարիամ Տիրամէրեան, իր ունեցած ելոյթին ընդմէջէն ծնողներուն թելադրեց զաւակները մղել հայերէնախօսութեան եւ անոնց մօտ արթնցնել ինքնութեան գիտակցութիւնը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կղզիներու հոգեւոր տեսուչ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանի եւ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, որոնք արտօնած էին սոյն ձեռնարկի կազմակերպումը:
Հանդիսութեան աւարտին, Թաթուլ վրդ. Անուշեան բեմ բարձրանալով՝ բոլոր երեխաներուն յանձնեց մէկական խաչ՝ իբրեւ գնահատանք եւ օրհնութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.