ՔՈԼՈՄՊՈՍ, Օհայօ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին, աւելի քան 7 ժամ տեւած հարցաքննութեանց ընթացքին, Օհայոյի ընտրական հարցերու յանձնաժողովը քննեց քոնկրէսական Ճին Շմիթի կողմէ՝ իր քոնկրէսական աթոռին թեկնածու Տէյվիտ Գրիգորեանի դէմ բացուած դատը:
Ընթացքին Գրիգորեան անգամ մը եւս պնդեց, թէ Շմիթ Թուրքիայէն անուղղակիօրէն աւելի քան 30,000 տոլարի նուիրատուութիւններ ստացած է, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքար տանելու փոխարէն:
Շմիթ կը բողոքէ Գրիգորեանի այն յայտարարութեան դէմ, ըստ որուն՝ Շմիթ «արեան դրամ» ստացած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ անոր կամակատարը դառնալով, մինչ Գրիգորեան կը պնդէ, թէ իր կատարած սոյն յայտարարութիւնը ազատօրէն արտայայտուելու իր իրաւունքին սահմաններէն ներս կ՛իյնայ:
Յանձնաժողովը, որ որոշեց հարցաքննութիւնը ամբողջացնել Հոկտեմբերին, Գրիգորեանէն պահանջեց յստակ փաստեր, որոնք ցոյց պիտի տան, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մեղսակից է: Գրիգորեանի պաշտպան փաստաբան Մարք Կիրակոս խոստացաւ յաջորդ նիստին փաստեր տրամադրել: