ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ ատրպեճանական «ANS Press» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Թուրք-հայկական յարաբերութիւններու մերձեցումը կը նպաստէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման։ Պաշտօնական Անգարան կը ցանկայ, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն հաստատուի»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մերձեցումը կրնա՞յ սպառնալ Ատրպէյճանի շահերուն, դեսպանը պատասխանած է. «Թող Ատրպէյճանը վստահի Թուրքիոյ։ Մենք կը ցանկանք տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն տեսնել, կը ցանկանք ամբողջութեամբ մարել կրակը։ Տարածաշրջանի խաղաղութիւնը պէտք է բոլորին մտահոգութիւնը ըլլայ»։
Քըլըճ նաեւ նշած է, որ Թուրքիան չուզեր տարածաշրջանին մէջ փակ սահմաններ տեսնել։ Ըստ անոր, Կովկասի զարգացումը միայն այդ պարագային հնարաւոր կ՛ըլլայ։
«Կովկասի մէջ պէտք է խաղաղութիւն հաստատուի։ Այդ իսկ պատճառով ալ մենք կ՛ողջունենք կարգաւորման բոլոր փորձերը։ Մէկ խնդիրը նկատի չառնելով՝ միւս խնդիրին լուծում տալը շատ վտանգաւոր է», ըսած է Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը։