«Իրաւունք տէ Ֆաքթօ» թերթը կը հաղորդէ, որ ռուսական վերլուծական կեդրոնները տեղեկացուցած են, թէ Օգոստոս 31ին բացայայտուած Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուելիք համաձայնագիրները, թէեւ արժանացած են Ռուսիոյ իշխանութեան պաշտօնական դրուատիքին, սակայն անոնք կ՛ընկալուին իբրեւ «ամերիկեան ծրագիր», եւ արդէն իսկ քայլեր կ՛առնուին այդ համաձայնագիրը ձախողեցնելու համար:
Ըստ թերթին, շրջանառութեան մէջ կան լուրեր, որոնց համաձայն, Հոկտեմբերի վերջաւորութենէն սկսեալ Թուրքիա պիտի դիմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու խորհրդարաններուն, որպէսզի անոնք սառեցնեն իրենց երկիրներուն մէջ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումները, քանի տակաւին նոր կազմուելիք «պատմաբաններու յանձնախումբը» իր ուսումնասիրութիւնները չէ աւարտած։
Թերթը կը նշէ, որ այս եւ «սահմաններու ճանաչման» վերաբերեալ կէտերը ռուսական շրջանակներուն մէջ դարձած են քննարկման թեմաներ։ Ռուսական կողմը թրքական այս ծրագիրը տապալելու նպատակով, կը նախատեսէ սոյն պայքարին մէջ ներգրաւել հայաստանեան ռուսամէտ եւ ազգայնական ուժերը։