Մ.Գ.
ՀԲԸՄ «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանը 2009-2010 տարեշրջանի դռները բացաւ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26ի առաւօտեան, Ծաղկոցէն մինչեւ Երկրորդական վարժարան։
Ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ, Հոգաբարձութեան եւ Կրթական յանձնախումբի անդամներ։ Բացման արարողութեան բոլոր ելոյթներուն մէջ կարեւոր նկատուեցաւ 2009-2010 տարեշրջանը դրական փոփոխութիւններու տարի մը դարձնելու առաջնահերթութիւնը։ Բազմիցս WASC-ի կողմէ որակաւորուած եւ հազարէ աւելի շրջանաւարտներով հարստացած վարժարանը կը վայելէ նեցուկը զանազան ասպարէզներու մէջ յաջողած Շրջանաւարտից միութեան անդամներու, Ծնողա-ուսուցչական, Մարզական (Booster Club) եւ Փառատօնի յանձնախումբերուն ու Հ.Բ.Ը.Միութեան։ Վարժարանը ունի աշակերտական, հայկական, ՀԲԸՄի եւ այլ ակումբներ, որոնք իրենց արտադասարանային գործունէութեամբ կ՛ընդլայնեն աշակերտութեան մտահորիզոնը եւ կը վարժեցնեն զանոնք հետագային գործօն դերեր ստանձնելու աւելի արհեստավարժ ներգաղութային թէ ամերիկեան միջավայրերէ ներս։
Անհամբեր աշակերտութիւնը կարօտով ու ճառագայթող դէմքերով վերադարձած է դպրոց. ոմանք կ՛ողջագուրուին, ուրիշներ խանդավառութեամբ կը պատմեն իրենց ամառնային արձակուրդին մասին, իսկ աւարտական դասարանի կանաչազգեստ աշակերտները կը պատմեն երկու ամիս առաջ հայրենիքի մէջ անցուցած անկրկնելի օրերուն մասին։
Հայկական առողջ միջավայր մը կը բացուի մեր առջեւը՝ ի տես խնդումերես աշակերտութեան, որոնցմէ շատեր իրենց երկրորդ տունը կը սեպեն «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանը:
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին, ղեկավարութիւնը տնտեսական եւ նիւթական ստիպողական որոշ քայլերու դիմելով՝ վարժարանը պիտի շարունակէ իր երթը՝ մինչեւ որ այս երկիրը վերադառնայ իր նախկին վիճակին։
Տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի բացման ու բարի գալուստի հակիրճ խօսքերէն ետք, Ս. Պետրոս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ ու ծնողք Շնորհք Ա. քհնյ. Տեմիրճեան աղօթեց վասն վարժարանի բարօրութեան, ապա Հոգաբարձութեան ատենապետ Սինան Սինանեան ներկայացուց կատարուած կարգ մը փոփոխութիւնները վարչական կազմէն ներս եւ ողջունեց Անահիտ Նալպանտեան-Բժշկեանը՝ իբրեւ Երկրորդական բաժինի փոխտնօրէնուհի։ Ս. Սինանեան շեշտեց նաեւ, թէ կատարուած փոփոխութիւնները կը միտին ա՛լ աւելի բարձրացնելու բազմիցս որակաւորուած վարժարանիս կատարողականութիւնը, ապա յայտարարեց 2009-2010 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը։
Բարի երթ ՀԲԸՄ «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանին։