ԼԱ ՔՐԵՍԷՆԹԱ.- Վազգէն Եարտըմեան կը տեղեկացնէ, թէ դարձեալ իր թեկնածութիւնը պիտի դնէ Քրեսէնթա հովիտի ջրատարածքի վարչութեան ընտրութեանց՝ խոստանալով ջուրի գիները պահել իրենց նուազագոյնին, միաժամանակ ջուրի ապահով աղբիւրներ ու սարքաւորումներ երաշխաւորելով քաղաքացիներուն համար:
Ան առաջին անգամ վարչութեան անդամ ընտրուած է 2001ին, որմէ ետք վերընտրուած է 2005ին՝ երկու անգամ գործելով իբրեւ վարչութեան ատենապետ:
Ան նախապէս եղած է Քրեսէնթա հովիտի քաղաքապետութեան անդամ ու ծառայած է զանազան մարմիններու մէջ:
Մագիստրոսի տիտղոսը Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆուլըրթընի մասնաճիւղէն ստացած Եարտըմեան նաեւ եղած է Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան, «Լարք»ի ու Հայ Դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղի վարչութեանց անդամ:
Ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 3ին: Թեկնածուին հետ կարելի է կապուիլ (818) 248-5276 թիւով կամ vyardemian@gmail.com համացանցային հասցէով: