Հակառակ տաքութեան մրցանիշային իրականութեան եւ հրդեհներու պատճառով ստեղծուած աննպաստ մթնոլորտին, Կիրակի, Օգոստոս 30ի երեկոյեան, գրասէր ընտրանի մը փութացած էր Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահը՝ ներկայ գտնուելու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ու Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ միատեղ կազմակերպուած Մարզպետ Մարկոսեանի «Քաղաքներու Կախարդանքը» նոր հրատարակուած հատորի գինեձօնին։
Օրուան յայտագիրին ընթացք տուաւ գաղութէս ներս երկարամեայ հասարակական գործիչ Բարսեղ Գարթալեանը, ու առաջին առիթով բեմ հրաւիրեց տոքթ. Մհեր Պապեանը, որ հանդէս եկաւ դրուատելով Մարկոսեանի հատորին կարեւորութիւնը գաղութահայ մեր կեանքէն ներս։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ երկարամեայ կրթական մշակ Կարօ Պետրոսեան, որ վաղուց ճանչցած էր Մարկոսեանը, եղած էր նաեւ հեղինակին գործակիցը կրթական ասպարէզէն ներս։ Կարօ Պետրոսեան անդրադարձաւ հեղինակին հետ ունեցած իր սերտութեան ու հրատարակութեան ընծայուած աշխատասիրութեան։
Հեղինակին մասին խօսք առաւ նաեւ մամուլի նուիրեալ, հասարակական գործիչ ու դաստիարակ Վաչէ Սեմերճեանը, որ ծանօթ էր Մարկոսեանին՝ դեռ ուսանողական օրերէն։ Ան անդրադարձաւ հեղինակին ընդգրկած գիտական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ անցած յիսնամեակին հեղինակին հետ իր ունեցած սերտ կապերուն։
Երկու տարբեր առիթներով բեմ հրաւիրուեցաւ Վարդուհի Գոճայեանը, որ ընթերցումներ կատարեց հատորի որոշ մասերէն՝ ծանօթացնելու համար ներկաները հատորին մէջ ընդգրկուած բաժիններուն։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ծանօթ մտաւորական ու գրաքննադատ Երուանդ Գոչունեանը, որ իր պատրաստած համապարփակ խօսքով դրուատեց Մարկոսեանն ու իր աշխատասիրութիւնը, մանաւանդ հոն տեղ գտած գաղթօճախներու կարեւորութեան եւ երբեմնի Սփիւռքի ամէնէն բաբախուն գաղութներէն Պէյրութի, ապա Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն ու Նիւ Եորք քաղաքներու կախարդանքին մասին անդրադարձը։
Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկաւ հեղինակը, որ իր կարգին կազմակերպիչներուն աշխատանքը դրուատեց մերօրեայ գաղութահայ կեանքէն ներս։
Հուսկ ապա փակման խօսքի համար բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ երկարամեայ սպասարկու, Տ. Եփրեմ արք. Թապագեան, որ ամփոփեց հեղինակին բերած նպաստը հատորին մէջ ընդգրկուած սփիւռքահայ գաղթօճախներու զար-գացման գործին:
ԳԱՐԵԳԻՆ