ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուսթըրէն Շարիսթան Մելքոնեան նշանակուած է կազմակերպութեան գոծադիր վարիչ, մինչ Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուող հայորդիներու օժանդակող նշեալ կազմակերպութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան տասնամեակը:
Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութեան վարչութեան անդամ Ալեք Սարտար Շարիսթան կը համարուի փորձառու եւ աշխոյժ ղեկավար մը, որ տասնամեակներէ ի վեր կամաւոր աշխատանք կը տանի ամերիկահայ համայնքէն ներս, ըլլայ ան Նիւ Եորքի, Պոսթընի կամ Լոս Անճելըսի մէջ:
Յայտնենք, թէ Շարիսթան եղած է Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ աշխատած է ՀՕՄի եւ հայկական վարժարաններու հետ:
Մելքոնեան Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութեան աշխատանքը պիտի ղեկավարէ կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակէն՝ մօտէն գործակցելով տեղական կազմակերպութեանց, ընկերութիւններու եւ իշխանութեանց հետ: