ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ երկրին արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Սեպտեմբեր 21-27ին Նիւ Եորք պիտի այցելէ՝ ելոյթ մը ունենալու ՄԱԿի 64րդ Ընդհանուր ժողովին առջեւ, ու շարք մը հանդիպումներ ունենալու զանազան երկիրներու եւ կազմակերպութեանց պաշտօնատարներու հետ, որոնցմէ մէկն է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքին: