ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Զիատ Ժարրահ խմբաւորումը, որ ուղղակի կապեր ունի «Քայիտա»ի հետ, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին ստանձնեց անցեալ Ուրբաթ օր հարաւային Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլ կատարուած հրթիռային յարձակումին պատասխանատուութիւնը։
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը խախտած են ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, երբ Ռաս Նաքուրայի իրենց դիրքերէն կրակ բացած են լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող ձկնորսական նաւակի մը վրայ։
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր բողոքի նամակներ յղեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին՝ խստօրէն դատապարտելով Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումները, որոնք յաջորդած էին Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումին։ «Սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ գործուած խախտումի որեւէ պարագայ պէտք է լուծուի ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար եւ ոչ թէ ինքնագլուխ որոշումներով ու ինքնապաշտպանութիւն պատճառաբանելով», նշուած է բողոքագրին մէջ։