ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ, հաւանաբար իրենց կառավարութիւններուն դրդումով, փորձած են ականահարել քանատահայ Արիս Պապիկեանի վերջերս տեղի ունեցած նշանակումը՝ իբրեւ Քաղաքացիութեան դատաւոր։ Ան պատասխանատուն եղաւ քանատական քաղաքացիութեան դիմումնագիրներուն նկատմամբ որոշումներու կայացման:
Նշանակումը կատարելու ընթացքին Քանատայի քաղաքացիութեան, գաղթականութեան եւ բազմամշակութայնութեան նախարար Ճէյսըն Քենի Պապիկեանը նկարագրեց իբրեւ անձ մը, որ՝ «Իր համայնքին մէջ առնչուած եղած է գաղթականութեան, քաղաքացիութեան, ընկերային ծառայութիւններու, մշակութային, մարդկային իրաւանց եւ բազմամշակութային հարցերու հետ»։ Ան ծառայած է իբրեւ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր նախագահ, ինչպէս նաեւ եղած է անդամ «Օնթարիօ ֆիլմ ռիվիու պորտ»ի եւ Քանատական ցեղամշակութային խորհուրդի։ Պապիկեան արժանացած է Թագուհիին Ոսկէ յոբելինական մետալին եւ Օնթարիոյի կամաւորներու ծառայութեան մրցանակին։ Ան կը խօսի անգլերէն, հայերէն, արաբերէն, թրքերէն եւ յունարէն»։
Թուրք-քանատական եւ ատրպեճանա-քանատական կազմակերպութիւններ անմիջապէս շղթայազերծեցին ատելութեան չարակամ քարոզարշաւ մը՝ ընդդէմ դատաւոր Պապիկեանի, նամակներ ղրկելով քաղաքացիութեան նախարարութեան եւ վարչապետին, բողոքելով անոր նշանակման դէմ:
Ատրպեճանական լրատու կայքէջ մը՝ «Տէյ.ազ», դատաւոր Պապիկեանը կոչեց ցեղապաշտ, ազգայնամոլ եւ ծայրայեղական։ Նշելով, թէ անոր նշանակումը «անընդունելի» է եւ «լուրջ մտահոգութիւն մըն է Քանատայի ատրպէյճանցի եւ թուրք համայնքներուն համար»՝ ատրպեճանական կայքէջը տուաւ այն ծիծաղելի հաստատումը թէ՝ «Պապիկեան լծակներ ունի Քանատայի քաղաքական շրջանակներու բոլոր մարզերուն մէջ, հայկական համայնքին, մասնաւորաբար՝ դաշնակներուն հեղինակութեան եւ դրամին շնորհիւ»։ Կայքէջը յարձակում գործեց Քանատայի կառավարութեան դէմ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ անարգեցին նախարար Քենի՝ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ «Տարուան մարդը» նշանակուելուն համար։ Ատրպեճանական կայքէջը ըրաւ այն անհիմն ամբաստանութիւնը, թէ՝ ոեւէ քանատացի թղթակից, որ կը համարձակի գրել հայերուն դէմ, վտանգի կ՛ենթարկէ իր ասպարէզը։
Իսկ թուրք-քանատական «Պիզիմ Անատոլու» ամսաթերթը եւս թիրախ ընտրեց դատաւոր Պապիկեանը իր Յուլիս, 2009ի թիւին մէջ, զայն կոչելով «ծայրայեղական քաղաքական լոպպիիստ մը, որ նախապաշարում եւ ատելութիւն ցուցաբերած է թուրքերուն դէմ, դէմ եղած է երկխօսութեան ու հաշտութեան եւ յստակօրէն չունի այն միջմշակութային զգայնութիւնը, որ նախապայման է քաղաքացիական դատաւորի մը նշանակման համար»:
Հակազդելով թրքական նշեալ յարձակումներուն՝ քանատացի քաղաքական դէմքեր, թղթակիցներ, ազգային խմբաւորումներու ղեկավարներ եւ ոչ քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յանձնարարական նամակներ գրեցին քաղաքացիութեան նախարարին եւ վարչապետին՝ նեցուկ կանգնելով Պապիկեանի նշանակման։
Պապիկեանի նշանակման ամէնէն չակնկալուած նեցուկը եկաւ թուրք-քանատական «Եէնի Հայաթ» ազատական օրաթերթէն, որ 27 Օգոստոսին հրատարակեց երկար խմբագրական մը՝ ընդդիմանալով Պապիկեանի դէմ թրքական եւ ատրպեճանական վարկաբեկիչ յարձակումներուն:
«Եէնի Հայաթ» գրեց, թէ դատաւոր Պապիկեան ենթակայ եղած է «նկարագիրի ահաբեկման, սպառնալիքներու, սուտերու, չարամիտ ակնարկներու, սխալ տեղեկութիւններու եւ ծրագրուած քարոզչութեան մը, որ հրապարակուած էր թուրք-քանատական մամլոյ կարգ մը ծառայութիւններու կողմէ՝ արտացոլացնելով նոյնանման քարոզարշաւներ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ»։
«Եէնի Հայաթ» մեծապէս դրուատեց Պապիկեանը՝ միջ-մշակութային, քաղաքացիական, մարդկային իրաւանց, կրթական, բազմամշակութային եւ քաղաքացիական ծրագիրներու մարզերուն մէջ ունեցած ներդրումներուն համար, աւելցնելով, որ «Ծառայութեան, կամաւորութեան, քանատական քաղաքային ընկերութեան մէջ անոր բերած նպաստը բաւարար են իբրեւ համոզիչ հերքում այդ չարակամ, անբարոյ, անբարոյագիտական եւ սուտի վրայ հիմնուած, խաբէական քարոզարշաւին։ Ան, որ առիթը ունեցած է դատաւոր աշխատելու Պապիկեանի հետ, կրնայ հաստատել, թէ ան պարկեշտ, ուղղամիտ, անկեղծ, չափաւորական մարդ է եւ ամուր հաւատացող մը՝ խաղաղ գոյակցութեան։ Այն պատիւները, զորս ան ստացած է մեծաթիւ կառավարութիւններէ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ, կը վկայեն անոր բարձր բարոյականի տէր անձ մը ըլլալը, ինչպէս նաեւ անոր յանձնառութեան մասին՝ Քանատան վերածելու ամէն տեսակի մարդ հիւրընկալող վայրի մը, անկախ այդ մարդուն կրօնական պատկանելիութենէն, գոյնէն, ցեղային պատկանելիութենէն կամ այլ տեսակի տարբերութենէ»:
«Եէնի Հայաթ» մատնանշեց, թէ Պապիկեան «միշտ զանազանութիւն կը դնէր թուրք ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ»։ Ըստ թերթին, ան կը գիտակցի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ ծայրայեղ ազգայնականներու խումբ մը կապ չունին իրենց քաղաքային ընկերութեան մտածելակերպին հետ, երբ հարցը կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան։ Թրքական օրաթերթը ցաւ յայտնեց, թէ «Այդ ծայրայեղ ազգայնականները, օտար մասնիկներու օգնութեամբ եւ նեցուկով, գրաւած են թուրք-քանատացի համայնքին միտքը եւ կը փորձեն արմատականացնել համայնքը ու անոնց մէջ ատելութեան սերմեր ցանել՝ ընդդէմ Քանատայի միւս համայնքներուն»։
Այնպէս կը թուի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ինչպէս ըրած է աշխարհի շարք մը ուրիշ երկիրներու մէջ, կը ֆինանսաւորէ ծայրայեղ ազգայնական թուրք խումբեր Քանատայի մէջ եւս՝ արտածելու համար Ցեղասպանութեան ուրացումը, լռեցնելու համար իր օտար քննադատները եւ դէմ դնելու համար հայկական համայնքի քաղաքական գործունէութեան։ Այս պարագային, Թուրքիոյ երկար ձեռքը, Ատրպէյճանի նեցուկով, փորձած է հասնիլ մինչեւ Քանատայի խորը՝ ականահարելու համար ատակ քանատահայի մը նշանակումը իբրեւ դատաւոր։ Անգարան եւ Պաքուն չունին իրաւունք միջամտելու քանատական կառավարութեան դատաւորներու նշանակման ներքին որոշումերու կայացման գործին։
Թուրք եւ ատրպէյճանցի գաղթականներ քանատահայերուն դէմ լարելը կրնայ ունենալ վատ հետեւանքներ, որոնց համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրեն։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր