Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Գօգօ Պալեանի (փոխատենապետ), Կարպիս Գապասագալեանի (ատենադպիր) եւ Քարլոս Սեֆէրեանի, որոնք առաջնորդին տեղեկութիւններ տուին ՀՄԸՄի աշխատանքներուն ու յատկապէս համագաղութային սկաուտական այն բանակումին մասին, որ տեղի ունեցած էր ՀՄԸՄի բանակավայրին մէջ, մասնակցութեամբ տարբեր ցամաքամասերէ համախմբուած սկաուտ խմբապետներու։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄի գործը ու յաջողութիւն եւ վերելք մաղթեց բոլոր ծառայողներուն։ Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։