Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, Ս. Էջմիածինի մէջ պիտի նշուի երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վախճանման 10ամեակը։
Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կարգադրութեամբ, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի երջանկայիշատակ վեհափառի հոգւոյն համար։ Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազան հայրը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին։
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 1։30ին, Քեսապի հայրենակցական Լոս Անճելըսի միութեան կազմակերպութեամբ ու առաջնորդին հովանաւորութեամբ, յիշատակի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ յիշեալ միութեան կեդրոնին մէջ (18407 Sherman Way, Reseda)։