ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նայիրի Նահապետեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ վարչութիւնը 2009-2010 կրթական տարեշրջանին իր առաջին հանրային հանդիպումը պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին, կ.ե. ժամը 12-3, «Վէրտուկօ» զբօսայգիին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած փառատօնը:
Քաղաքի բնակիչները Նահապետեանին հետ հանդիպելով՝ առիթը պիտի ունենան անոր փոխանցելու իրենց գաղափարները, հարցումներն ու մտահոգութիւնները:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կապուիլ (818) 333-6126 թիւին կամ talarmalakian@yahoo.com հասցէին: