Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանը նոր ոգեւորութեամբ եւ հաստատակամութեամբ կը շարունակէ իր կրթական-դաստիարակչական առաքելութիւնը: Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ի առաւօտուն, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ժամանեց «Յովսէփեան» վարժարան եւ սիրալիր կերպով դիմաւորուեցաւ տնօրէն Շահէ Մանկրեանի, Հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութիւն Հիլալեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ:
Սրբազան հօր նախագահութեամբ պաշտօնապէս վարժարանը բացուած յայտարարուեցաւ 2009-2010 տարեշրջանին համար: Խօսք առին տնօրէնն ու Յ. Հիլալեանը: Առաջնորդը ներկայացուց եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանը, որ Հոկտեմբեր 1, 2009ին պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը: Առաջնորդը տուաւ իր պատգամը եւ յորդորեց աշակերտներուն, որ ամենայն աչալրջութեամբ հետեւին իրենց դասերուն: Տէր Սարգիս իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց տնօրէնութեան, Հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ աշակերտութեան, նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր, որ իրեն վստահած էր եկեղեցւոյ հովուական պաշտօնը:
Տնօրէնը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց սրբազան հօր՝ իր ներկայութեան եւ ոգեւորիչ խօսքերուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.