ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համախմբող խորհուրդը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16 թուակիր նամակով մը անդրադարձած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնը բնականոնացնելու համար քննուող արձանագրութիւններու հարցին՝ յստակեցնելով, թէ կազմակերպութիւնը հաստատ կը մնայ իր այն տեսակէտին վրայ, թէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը ոչ մէկ ատեն կրնայ բանակցութեանց նիւթ դառնալ, որովհետեւ ան միջազգային մարմիններու, պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ աւելի քան 20 երկիրներու կողմէ հաստատուած պատմական իրողութիւն մըն է:
Խորհուրդը նաեւ յստակացում կը պահանջէ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ՝ արձանագրութեան 5րդ պարբերութեան մասին, ուր կը նշուի, թէ «երկու երկիրները պէտք է ճանչնան իրարու ներկայ սահմանները՝ հիմնուած միջազգային օրէնքով ստորագրուած դաշինքներու վրայ»:
Նաեւ, խորհուրդը կը պնդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնաճանաչման իրաւունքը եւս հարցականի տակ պէտք չէ դրուի, ինչպէս նաեւ յստակացում կը պահանջէ երրորդ պարբերութեան շուրջ:
Նաեւ, նշեալ նամակով կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վերջ տալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութեան, եւ կը շեշտուի, թէ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը կը պահանջէ վերջ տալ 1993էն ի վեր շարունակուող Հայաստանի ապօրինի շրջափակման, բան մը, որ տեղի պէտք է ունենայ որեւէ արձանագրութեան ստորագրութենէն առաջ:
Վերջապէս, խորհուրդը կը շեշտէ Հայաստան-Սփիւռք ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող կապերուն կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ընէ երկու կողմերուն, որ զանոնք աւելի եւս ամրապնդեն: