ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, թրքական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած Ռամատանի ճաշկերոյթին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութեանց։
Էրտողան յայտարարած է, որ «Մինչեւ Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութիւնը չլուծուի, մենք սահմանը չենք բանար։ Այդ մասին մենք իրենց ըսած ենք։ Ալիեւ-Մետվետեւ-Սարգսեան հանդիպումները աւելի յաճախակի դարձած են։ Ղարաբաղի խնդիրի լուծման շատ մօտ կէտի մը վրայ ենք։ Մինսկի խումբի աշխատանքները պէտք է արագանան։ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ սկսած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը դրական կերպով առաջ կ՛երթայ, սակայն Մինսկի խումբը պէտք է իր աշխատանքները արագացնէ։ Առանց այս խնդիրի կարգաւորման, մենք քայլ չենք առներ։ Անհրաժեշտ է նաեւ, որ Հայաստան դէմ դնէ Սփիւռքի կողմէն ղեկավարուելու փորձերուն։ Սփիւռքէն՝ Հայաստանի համար, ոչ մէկ շահ կայ»։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պետական նախարար Ճէմիլ Չիչէք յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը մինչեւ 14 Հոկտեմբեր պիտի չբացուի։ Ան Պաքուի մէջ լրագողներուն ըսած է, որ «Ատրպեճանական հողերու անարդար բռնագրաւումը պէտք է դադրեցուի։ Սահմանի բացումը մինչեւ 14 Հոկտեմբեր չ՛իրականանար։ Եթէ դուք կ՛ուզէք վստահ ըլլալ, ապա բաւարար է նայիլ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն»։
Ըստ Չիչէքի, Թուրքիա Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը տեղեակ կը պահէ Հայաստանի հետ տեղի ունեցող բոլոր բանակցութիւններուն մասին։ «Որոշ ուժեր քարոզչութիւն կը կատարեն, որ վնասեն թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն։ Թուրքիան միշտ Ատրպէյճանի կողքին է։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման»։