ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ երիտասարդական տարբեր կազմակերպութիւններ, մտահոգուած հայ-թրքական արձանագրութեանց հայավնաս հետեւանքներէն՝ համախմբուած են «Կասեցնել արձանագրութիւնները» խորագիրով արշաւի մը շուրջ եւ արդէն ձեռնարկած են այդ նպատակը իրականացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներու:
Այս ծիրէն ներս, Ուրբաթ, կէսօրէ առաջ, հայ երիտասարդներ հաւաքուած էին Լոս Անճելըսի մէջ զուիցերիական հիւպատոսարանին առջեւ՝ բողոքելու համար այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ միջնորդական դերին դէմ:
Ցուցարարներուն կողմէ Գասպար Ճիւալակեան եւ Յարութիւն Յարութիւնեան հանդիպելով հիւպատոսութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ անոնց փոխանցած են, թէ իրենց բողոքը ոչ թէ Զուիցերիոյ կառավարութեան դէմ է, որուն կեցուածքը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հանդէպ, մեծապէս գնահատելի է, այլ ուղղակի միջնորդական դերն է, որ կը քննադատուի, եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներն են, զորս կը վնասուին:
Հիւպատոսարանի ներկայացուցիչները խոստացան հայ երիտասարդներու պատգամը փոխանցել Զուիցերիոյ կառավարութեան: