ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութ սրկ. Մարգարեանի եւ Լիլի Պալեանի, ներկայ գտնուեցաւ Հայ թատերական արուեստներու միութեան երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող շարժապատկերներու բեմագիրներու «Լիլիըն եւ Վարնըմ Փօլ» մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան: Շուրջ 200 հիւրեր ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի մէջ: Մրցանակին նպատակն է աւելիով հայկական նիւթեր արծարծել եւ հայոց ձայնը տարածել աշխարհի բեմերուն վրայ:
Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը 2006ին հիմնուած էր հանգուցեալ Վարնըմ Փօլի եւ անոր կնոջ՝ Լիլիընի կողմէ, Արեւմտեան թեմի միջոցաւ իրենց հաստատած հիմնադրամով, որուն գործադրութիւնը յանձն առած էր առաջնորդ Յովնան արք. Տէտէրեանը:
Սրբազան հայրն ու հանգուցեալ Վարնըմ Փօլի դստեր՝ Քէրըն Գօնտազեան, յայտարարեցին մրցանակ շահողին անունը եւ մրցանակը յանձնեցին Էրիք Նազարեանի, որ պատրաստած էր «Music for Strangers»ին բեմագրութիւնը: