ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող Փօլ Գրիգորեան, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին կայացած ընտրութիւններուն առաւելագոյն ձայները խլեց՝ անցնելով ընտրութեանց վերջին հանգրուան, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 8ին: Ընտրութեանց կը մասնակցէին 8 թեկնածուներ, իսկ քուէարկողներուն մասնակցութեան համեմատութիւնը միայն 12 տոկոս էր: Գրիգորեան, որ ապահովեց 4929 քուէներ (34.1 տոկոս), վերջին հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Քրիսթին Էսըլը, որ ապահովեց 4104 քուէներ (28.39 տոկոս):
Գրիգորեան կը փորձէ հանդիսանալ ամերիկեան գլխաւոր քաղաքներէն մէկուն քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած առաջին հայ քաղաքացին՝ նոր կարելիութիւններ ընծայելով քաղաքային կառավարութեան մէջ աշխատիլ փափաքող երիտասարդ ամերիկահայերու:
Անոնք, որոնք Լոս Անճելըսի երկրորդ ընտրատարածքի բնակիչներ չեն, կրնան ընտրապայքարին օժանդակել՝ իբրեւ կամաւոր աշխատելով եւ կամ նուիրատուութիւն կատարելով: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ընտրապայքարի համացանցային կայքը՝ www.paul4council.com հասցէով: