ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլի «Փելանքոնի Փարք»ի մօտ Կիրակի 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժողովրդային հաւաքի մասնակիցները միաձայնութեամբ հաստատեցին կոչ մը՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Հաուըրտ Պերմընին, դիմելով անոր, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող թիւ 252 բանաձեւը ներառնէ իր յանձնժողովի օրակարգին մէջ:
Ստորեւ՝ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած կոչին բնագիրը.
«Մենք՝ աւելի քան տասը հազար հայ ծագումով Ամերիկացիներ, մասնակիցները Սեպտեմբեր 27, 2009 թուականին Քալիֆորնիոյ Կլէնտէյլ քաղաքի «Փելանքոնի Փարք»ի մէջ կայացած քաղաքական հաւաքին, կոչ կ՛ուղղենք ԱՄՆի Քոնկրէսին դիմելու անյապաղ նախաձեռնութեան՝ որդեգրելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը:
Կոչ կ՛ընենք մեր բարեկամ քոնկրէսական եւ Քոնկրէսի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Հաուրտ Պերմընի, որպէսզի անմիջապէս ճշդէ յանձնաժողովի ունկնդրութեան թուականը՝ քննելու եւ ի նպաստ քուէարկելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող թիւ 252 բանաձեւին:
Նաեւ կը քաջալերենք Քալիֆորնիա նահանգի քոնկրէսական ազդեցիկ պատուիրակութիւնը, յատկապէս՝ խօսնակ Նէնսի Փելոսին, նախագահ Պերմընը եւ Ցեղասպանութեան բանաձեւի առաջնորդ հեղինակներ Ատըմ Շիֆն ու Ճորճ Րատոնովիչը, որպէսզի ապահովեն Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին որդեգրումը՝ ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին:
Որդեգրուած միաձայնութեամբ՝ Կիրակի, Սեպտեմբեր 27, 2009ին, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա»: