Հայ Դատ
Ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ պատմութիւնը, որը լցուած է յաղթանակներով եւ պարտութիւններով: Եւ ահա հայ ժողովուրդը, որը Նոյից ապրել, զարգացել ու գոյատեւել է մեր սուրբ հողերում: Երգել ենք եւ պարել, ծնել եւ ստեեղծագործել, մեր երկիր Հայաստանում, հարիւրաւոր տարիներ: Ցաւօք սրտի, ամէն յաղթանակի հետ նաեւ գալիս է մթի, սուքի եւ դժբախտութեան օրեր: Այս դժուար օրերն են, որոնք կազմում են պատմութեան կարեւոր էջերը: 1915 թուականը դաջուեց հայոց պատմութեան գրքում եւ իւրաքանչիւր հայի սրտում: Այսուհանդերձ, նոր հայ սերունդի գոյութեան իմաստը դարձաւ, որ աշխարհի աչքերը բացուեն, ընդունեն իրականութիւնը եւ պայքարեն արդարութեան համար: Հայ Դատի գործերով հասել ենք արդարութեան շեմին՝ մեր նպատակին: Սակայն մեր պայքարի ճանապարհին դէմ առաւ ահռելի մի իրավիճակ, որը խախտում է հայ ազգի մօտաւորապէս մէկ դարուան աշխատանքը:
Վերջերս, Հայաստանի եւ Թուրքիայի նախագահները հանդիպեցին Շուեցարիայում, ուր կազմեցին արձանագրութիւնները: Վեց շաբթուան քննարկումներից յետոյ, իւրաքանչիւր խորհրդարանում, երկու նախագահները նորից կը հանդիպեն՝ վերջնականապէս հաստատելու արձանագրութիւնը: Արձանագրութիւնը բաղկացած է տարբեր կէտերից, որոնց երեք կէտերը մտահոգում են ամբողջ հայ ազգը:
Առաջին կարեւոր կէտը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին է: Նախագահները համաձայնուել են կազմել պատմաբանների յանձնաժողով, որոնք պիտի քննեն եւ որոշեն, եթէ ցեղասպանութի՞ւն է համարւում 1915 թուականի ջարդերը, թէ ոչ: Վտանգաւոր եւ անիմաստ է այս յանձնաժողովը, քանի որ բոլոր հայերը գիտեն, որ ցեղասպանութիւն էր, 22 երկիրներ ընդունել են Մեծ Եղեռնը եւ կան զանազան նկարներ, որոնք կը փաստեն Ցեղասպանութեան ահռելի դէպքերը: Եթէ պատմաբանները Ցեղասպանութիւնը համարեն «æիհատ», ապա հայ ազգի 90 տարուան աշխատանքը կը հաւասարուի հողին:
Երկրորդ կէտը սահմանների բացման մասին է: Այս կէտը թոյլ պիտի տայ հայ-թրքական առեւտուրին, որի դէմ տարիներով սփիւռքահայերը պայքարել են (Boycott Turkish products): Նաեւ, թոյլ կու տայ, որ աղքատ հայերը յուսահատութիւնից գնան Թուրքիա, մի քիչ դրամ շահելու նպատակով: Այսպիսով, հայը օգնում է բարելաւել թշնամու տնտեսութիւնը իր գրպանի օգուտին համար:
Երրորդ կէտը, որը նոյնպէս ցաւալի է, հայ հողերի մասին է: Հայ ազատամարտիկը իր կեանքն է նուիրել հայ հողերի ազատագրման եւ հայ ազգի ու երկրի վերածնունդին: Ցաւալի է իմանալ, որ մէկ պայմանագրի պատճառով, այդ երիտասարդներու թափած արիւնը կ՛ոչնչանայ, քանի որ, կարծես, իրենց տարած աշխատանքին նկատմամբ պայմանագրի պատրաստողները արհամարհանքով են վերաբերում:
Այսուհետեւ, բոլոր հայերը պէտք է միանան եւ փորձեն անել այնպիսի գործեր, որ չստորագրուի արձանագրութիւնը. եթէ ստորագրուի, ապա Հայ Դատի 94 տարուան աշխատանքը կը նետուի աղբաման:
Անի Մնացականեան
11րդ կարգ
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը
Հայաստանն ու Թուրքիան դրացի երկիրներ ըլլալով՝ միշտ ունեցած են զանազան հարցեր իրարու միջեւ: Վերջերս Հայաստանն ու Թուրքիան փափաք ունին կապեր ստեղծելու իրարու հետ: Ամէն երկիր իր ինքնուրոյն պատճառները ունի այս կապերը մշակելու համար: Երկու երկիրները Օգոստոս 31էն սկսեալ սկսած են համաձայնագրի մը զարգացումը, որ կ՛անդրադառնայ երկու երկիրներու միջեւ գտնուող սահմաններու վերաբացումին:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի այս համաձայնագիրը որոշուած է, թէ պիտի գրուի ու հաստատուի վեց շաբաթներու ընթացքին: Վեց շաբաթը շատ կարճ ժամանակաշրջան մըն է, որպէսզի անձ մը կամ երկիր մը կարենայ որոշում կայացնել: Պէտք է իրենց որոշումը լաւ մտածուած ըլլայ: Երկու երկիրները պէտք է խորհրդակցին իրարու հետ եւ չշտապեցնեն ոչ մէկ բան: Ամէն տեսանկիւնէ ու մտածելակերպէ պէտք է վերլուծուի Թուրքիոյ եւ Հայաստտանի կացութիւնը, որպէսզի երկու նախագահները, մանաւանդ՝ Սերժ Սարգսեանը, կարենան առնել որոշում մը, որ ամենանպաստաւորն է իրենց երկիրին:
Երկրորդ, այս համաձայնագիրը կ՛անդրդառնայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններուն եւ կը ճշդէ, որ երկու երկիրները գոհ են իրենց ունեցած տարածքով: Հայաստանի նախագահին զգացումները համաձայնագրին հանդէպ պիտի կաշկանդէ Հայկական Հարցին իրականացումը: Հայերը այլեւս պիտի չկրնան պահանջել իրենց պատմական հողերը թուրքերէն: Նաեւ, կը կարծեմ, թէ շատ լաւ գաղափար մըն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան ստեղծումը, բայց այս կապի մշակումը պէտք է յաջորդէ Թուրքիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին: Ինպէս կարելի է երկու երկիր իրարու միջեւ յարաբերութիւն ստեղծեն, եթէ չեն լուծած ամենամեծ հարցը, որ կը կաշկանդէ երկու երկիրներուն միջեւ կապի ստեղծումը: Դարձեալ, կը կարծեմ, որ պատմաբաններ պէտք չէ խառնուին այս համաձայնագրի ստեղծման մէջ: Կան շատ փաստեր, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրուած է: Պատմագէտներ խորհրդակցելով երկու երկիրներուն հետ՝ պիտի բարդացնեն որոշում կայացնելու եւ համաձայնութեան գալու ընթացքը: Այս համաձայնագիրը, որ կեդրոնացած է սահմաններու բացման շուրջ, պէտք չէ ունենայ մասեր, որոնք կ՛անդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան կամ հողերու հարցին:
Թուրքերու եւ հայերու միջեւ համաձայնութիւնները կ՛աշխատին հայերու դէմ եւ իրենց բոլոր շահերուն դէմ: Այս մշակուող համաձայնագիրը միայն ազդեցիկ է Թուրքիոյ համար:
Քրիսթին Պատիկեան
11րդ կարգ