ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի օր, Նիւ Եորքի մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին նախքան Հոկտեմբեր 14ին կայանալիք ֆութպոլի մրցումը, սակայն սահմաններու բացման հարցը տակաւին քննելի է:
Սահմանները նոյնիսկ մէկ օրով բանալու առաջարկը, որ կրնայ դիւրացնել նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիա այցելութիւնը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաւաքականներու ֆութպոլի մրցումին ներկայ գտնուելու նպատակով, ըստ Տաւութօղլուի, «Պէտք է քննուի ընդհանուր գործընթացի քննարկումներու ծիրէն ներս եւ ըստ այնմ որոշում կայացուի»:
Տաւութօղլուի ասուլիսը ներկայացնող «CNN-Turk»ի հաղորդումին համաձայն, թուրք դիւանագէտը յայտնած է, թէ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը շարունակուի անկախ այն իրողութենէն, թէ՝ Սերժ Սարգսեան պիտի երթա՞յ Թուրքիա, թէ ոչ»: Տաւութօղլու նաեւ ընդգծած է, թէ «Արձանագրութիւններու ստորագրումն ու անոնց վաւերացումը՝ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, երկու տարբեր խնդրիներ են»: