ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, ամերիկահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ուրս Զիսուիլըրի հետ՝ անոր փոխանցելու համար Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ գոյացած Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել միտող արձանագրութիւններուն նկատմամբ ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները, միաժամանակ շեշտելով, թէ այդ արձանագրութիւնները վտանգ կը սպառնան հայութեան իրաւունքներուն, ապահովութեան եւ պատիւին:
Զուիցերիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղած է ամերիկահայութեան եւ աշխարհի տարածքին ապրող հայութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այս հարցին շուրջ կարծիքներու անկաշկանդ փոխանակման:
Զուիցերիոյ եւ հայութեան ու Հայաստանի միջեւ բարեկամութիւնը երկարամեայ պատմութիւն ունի: Արդարեւ, Զուիցերիա կարեւոր օժանդակութիւն տրամադրած է հայութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն եւ վերջերս վաւերացուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, ինչպէս նաեւ զայն ուրացողները պատժող օրէնք մը:
Դեսպանին հետ հանդիպման մասնակցած հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յովսէփ Աւագեան, Հրայր Պարոնեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան: